7 Նոյեմբերին Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամով հանդիպում ունեցած են ԱՄՆ մայրաքաղաք Ուաշինկթընի մէջ։ Նախարարները հիւրընկալուած են Պլեր Հաուզի մէջ, ուր տեղի ունեցած է նաեւ միատեղ հանդիպում ԱՄՆ պետական քարտուղար Էնթընի Պլինքընի հետ։
Արտաքին գործոց նախարարները միտքեր փոխանակած են հաւանական խաղաղութեան պայմանագիրի տարրերու մասին եւ արձանագրած են, որ առկայ են շարք մը հարցեր, որոնք տակաւին հասցէագրման կարիք ունին։
Երկու կողմերը վերահաստատած են 6 Հոկտեմբերին Փրակի մէջ եւ 31 Հոկտեմբերին Սոչիի մէջ տեղի ունեցած հանդիպումներուն Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի ղեկավարներուն ստանձնած յանձնառութիւնները:

Հայաստանի ու Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարները համաձայնած են թափ հաղորդել իրենց բանակցութիւններուն ու անգամ մը եւս հանդիպում ունենալ յառաջիկայ շաբաթներու ընթացքին:

Երկու նախարարները իրենց երախտագիտութիւնը յայտնած են ամերիկեան կողմին՝ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ խաղաղ բանակցութիւնները հիւրընկալելու համար։