«Էրմէնիհապեր»._Կարսի նահանգին մէջ Թուրքիա-Հայաստան սահմանին ականազերծման աշխատանքներ կատարող մասնաւոր ընկերութեան աշխատակից Հ․Ա․-ն ականի պայթումին հետեւանքով վիրաւորուած է ոտքէն։
Դէպքը տեղի ունեցած է Կարսի Տիկորի շրջանի Հալըքըշլաք գիւղին մէջ՝ Հայաստանի հետ սահմանին։ Դէպքի վայր ժամանած բուժանձնակազմը Հ․Ա․-ին շտապ օգնութիւն ցուցաբերած է, որմէ ետք վիրաւորը շտապօգնութեան մեքենայով տեղափոխուած է հիւանդանոց։ Հ․Ա․-ի վիճակը ծանր է։

Դէպքի առնչութեամբ հետաքննութիւն սկսած է։