Թրքական «Զաման» թերթին համաձայն, թրքական Ազգային Կուսակցութեան նախագահ Տողու Փերինչեք փափաք յայտնած է 2023-ի սկիզբը Սուրիոյ նախագահ Պաշշար ալ-Ասատին այցելելու։ Ան աւելցուցած է, որ այցելութեան նպատակը պիտի ըլլայ Սուրիոյ մէջ ահաբեկչական պատերազմի դադրեցման, տարածաշրջանին մէջ խաղաղութեան հաստատման եւ առեւտրական փոխանակումներու առաջին քայլի ձեռնարկման միջոցներու որոնումը։