Այսօր, նախագահի նստավայրին մէջ Սուրիոյ Հանրապետութեան նորանշանակ շարք մը դեսպաններ՝ Վենեզուելլայի, Քուպայի, Պահրէյնի, Սերպիոյ, Պրազիլի,Սենեկալի, Փաքիստանի եւ Քորէայի Ժողովրդային Ժողովրդավարական Հանրապետութեան մօտ, իրենց երդումը տուին նախագահ Ասատին դիմաց:
Արարողութեան ներկայ եղան նաեւ արտաքին գործոց նախարար Ֆայսալ Մըքտատը եւ հանրապետութեան նախագահութեան հարցերու պետական նախարար Մանսուր Ազզամը: