Սուրիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը հաղորդագրութեամբ մը յայտարարեց, որ Սուրիոյ հիւսիսարեւմտեան եւ հարաւային բաժիններուն մէջ կայք հաստատած ՏԱՀԵՇ-ի եւ «Քաաիտա»-ի ենթակայ զինեալ ահաբեկչական խմբաւորումներուն դէմ դնելը Սուրիոյ պետութեան իրաւունքն է՝ ժողովուրդին պաշտպանութեան, տարածքային ամբողջականութեան պահպանման եւ խաղաղութեան հաստատման համար։ Նախարարութիւնը շեշտեց, որ պատերազմը պիտի շարունակուի մինչեւ Սուրիոյ ամբողջական ազատագրումը։