Ռուսիոյ նախագահի Միջին Արեւելքի եւ Ափրիկէի հարցերու անձնական ներկայացուցիչ, Ռուսիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Միքայէլ Պոկտանով յայտնեց, որ Սուրիոյ առնչուող Ասթանայի յառաջիկայ բանակցութիւնները տեղի պիտի ունենան 22 եւ 23 Նոյեմբեր 2022-ին, Ղազախստանի մայրաքաղաքին մէջ, ներկայութեամբ Ասթանայի հովանաւոր պետութիւններու՝ Ռուսիոյ, Իրանի եւ Թուրքիոյ, սուրիական կողմերու եւ հսկող պետութիւններու։