Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլու Անգարայի մէջ տեղի ունեցած «Թուրքիոյ Նախաձեռնողական եւ Մարդասիրական Արտաքին Քաղաքականութիւնը» խորագիրով համաժողովի իր ելոյթին կրկին անդրադարձած է Հայաստանի Հանրապետութեան հետ տարուող գործընթացներուն:
Այս առումով ան նախ խօսած է Կովկասով անցնելիք Միջին միջանցքի մասին՝ Հայաստանին «խորհուրդ տալով» խելացի գործել եւ նոյնպէս օգտուիլ այդ ճամբաներէն: Ապա Չաւուշօղլու անմիջապէս անցում  կատարած է Թուրքիոյ ու Ատրպէյճանի՝ «Հայաստանին խաղաղութեան ձեռք մեկնելու» թեզին՝ կրկին իրար կապելով հայ-թրքական ու հայ-ատրպէյճանական գործընթացները:
«…Թուրքիան եւ Ատրպէյճանը խաղաղութեան ձեռք մեկնեցին, Ատրպէյճան համապարփակ խաղաղութեան պայմանագրի առաջարկով հանդէս եկաւ, բանակցութիւնները պէտք է կեդրոնացած ըլլան արդիւնքի վրայ:
Մենք ալ կարգաւորման գործընթաց ունինք (Հայաստանի հետ), սակայն բաւական բնական է այն, որ ատիկա, անշուշտ, յառաջ կը տանինք ջան Ատրպէյճանի հետ համակարգումով, ծայրաստիճան բնական է նաեւ այն, որ այդ երկու գործընթացներն ալ կ’ազդեն իրարու վրայ, որեւէ մէկն ալ թող ատիկա անընդունելի չհամարէ», ըսած է  ան: