Քրեմլինի խօսնակ Տմիթրի Մետվետեւ յայտնած է, որ Ռուսիան պատրաստ է անհրաժեշտ աջակցութիւն ցուցաբերել՝ իր տարածքին մէջ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի առաջնորդներուն միջեւ հերթական հանդիպումը կազմակերպելու համար:
«Ռուսիան, անկասկած, պատրաստ պիտի ըլլայ ցուցաբերելու անհրաժեշտ աջակցութիւն՝ իր տարածքին մէջ նման հանդիպումի կատարման համար», ըսած է ան:

Պատասխանելով հարցումին, որ արդեիք կարելի է նման շփում յառաջիկային սպասուող ԱՊՀ գագաթնաժողովին, Փեսքով հաստատած է, որ «ԱՊՀ գագաթնաժողովի ձեւաչափով հանդիպում նախապատրաստելու գաղափար կայ»: