Ֆրանսայի Հանրապետութեան մէջ գտնուող Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Արայիկ Յարութիւնեանին գլխաւորած պատուիրակութիւնը հանդիպած է Փարիզի քաղաքապետ Անն Իտալկոյին հետ:

Հանդիպումին քննարկուած են Արցախ-Ֆրանսա կապերու զարգացումը, ատրպէյճանա-ղարաբաղեան հակամարտութեան կարգաւորման վերաբերող տարբեր հարցեր:

Արայիկ Յարութիւնեան բարձր գնահատած է Անն Իտալկոյի ջանքերը՝ ուղղուած Արցախի ժողովուրդի իրաւունքներու պաշտպանութեան, անկախութեան միջազգային ճանաչման համար պայքարին սատարման, ինչպէս նաեւ Ատրպէյճանի կողմէն բռնազաւթուած տարածքներուն մէջ Արցախի հոգեւոր-մշակութային ժառանգութեան պաշտպանութեան: Նախագահը նաեւ շնորհակալութիւն յայտնած է Փարիզի քաղաքային խորհուրդի անդամներուն՝ Արցախի Հանրապետութեան անկախութեան ճանաչման բանաձեւին քուէարկելուն համար:

Նախագահ Յարութիւնեան ընդգծած է, որ միջազգային յարաբերութիւններու զարգացումը Արցախի համար կը շարունակէ մնալ առաջնահերթ հարցերէն մեկը: Այդ առնչութեամբ երկրի ղեկավարը կարեւոր համարած է Ֆրանսայի վարչական շրջաններուն եւ քաղաքներուն հետ ունեցած ապակեդրոնացուած գործակցութեան ընդլայնումն ու խորացումը՝ յոյս յայտնելով, որ երկկողմ յարաբերութիւնները պիտի զարգանան աշխոյժ կերպով:

Փարիզի քաղաքապետը վստահեցուցած է, որ Փարիզը միշտ պիտի ըլլայ Արցախին եւ անոր ժողովուրդի կողքին՝ պաշտպանելով անոր ինքնորոշման եւ խաղաղ ապրելու իրաւունքները:

Հանդիպումին ներկայ եղած են նաեւ ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, Ֆրանսայի հայկական կազմակերպութիւններու համակարգող խորհուրդի (CCAF) համանախագահ Մուրատ Փափազեան եւ ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, Արցախի Հանրապետութեան Ազգային Ժողովի պատգամաւոր Դաւիթ Իշխանեան: