Թորոնթոյի «Նոր Հայ Հորիզոն» հեռուստաժամի հիւրն էր ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեան:

ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչը խօսած է ՀՅԴ Բիւրոյի Լիբանան այցելութեան, Արցախի մէջ տեղի ունեցած հանդիպումներուն, հայրենիքին առջեւ ծառացած մարտահրաւէրները դիմակայելու յաջորդ քայլերուն եւ Սփիւռքի կայունութեան մասին:

«Սփիւռքը առանց հայրենիքի ոչինչ է, եւ հայրենիքը այսօր Սփիւռքի կարիքը ունի, որպէսզի կարենայ աշխարհին առջեւ բացուիլ իր դիմագիծով եւ իսկական ուժերով: Անոր համար անհրաժեշտ է լուրջ համախոհութիւն ազգային սկզբունքներուն շուրջ: Չենք կրնար ընդունիլ որեւէ պարտուողականութիւն, որեւէ յանձնողականութիւն: Մեզի համար անընդունելի է տեսնել իշխանութիւն մը, որուն համար Արցախը կրնայ ըլլալ գլխացաւանք, որ կը փորձէ ձեռքերը լուալ Արցախի անվտանգութեան երաշխաւորը ըլլալու պարտաւորութենէն եւ Արցախի ճակատագիրը կը ձգէ միայն արցախցիին: Արցախը Հայաստան է, բոլորիս երազանքն է, որ անկախութեան հաստատումէն վերջ կը վերամիանայ մայր հայրենիքին» , ըսած է Յակոբ Տէր Խաչատուրեան: