«Ապառաժ»._16 Դեկտեմբերի առաւօտեան վերականգնուած է Հայաստանէն դէպի Արցախ կազամատակարարումը, որ խափանուած էր 13 Դեկտեմբերին՝ Ատրպէյճանի կողմէն:

«Արցախկազ» ՓԲԸ-ն կը տեղեկացնէ, որ այս պահուն Հայաստանի գործընկերներուն հետ կ’իրականացուին համապատասխան նախապատրաստական աշխատանքներ՝ կազամատակարարումը ապահովելու նպատակով: Կը նախատեսուի, որ օրուան ընթացքին կազի մատակարարումը պիտօ վերականգնուի Ստեփանակերտի եւ այլ շրջաններու մէջ:

Կազ սպառող բաժանորդներուն «Արցախկազը» կը յորդորէ ըլլալ ուշադիր եւ պահպանել անվտանգութեան կանոնները: