Արցախի պետական նախարար Ռուբէն Վարդանեան երէկ իր դիմատետրի էջով յայտնեց, որ Արցախի կազի մատակարարումը վերականգնած է։

Վարդանեան ընդգծեց, որ «դրացի պետութիւնը» կազամատակարարումը վերականգնած է առանց «որեւէ նախապայմանի, առանց մեր կողմէ որեւէ զիջումի»:

Պետական նախարարը ըսաւ նաեւ, որ հաւանական է, որ բացուի նաեւ Լաչինի միջանցքը. «Այդ իրենց որոշումն է, այդ իրենք որոշած են, որովհետեւ զգացած են, որ իրենք ի՛նչ սխալ գործած են, որովհետեւ ե՛ւ ներսը, ե՛ւ դուրսը իրենք ինկած են ուժեղ ճնշումի տակ»:

Յայտնենք, որ արդէն հինգերորդ օրն է` Ատրպէյճանը կը շարունակէ փակ պահել Լաչինի միջանցքը: