Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար Սեյիտ Հասան Նասրալլա Լիբանանի մէջ Սուրիոյ Հանրապետութեան դեսպան Ալի Ապտուլ Քերիմի հրաժեշտի ընդունելութեան ընթացքին շեշտեց Սուրիոյ եւ Լիբանանի միջեւ տարբեր ոլորտներու յարաբերութեան զարգացման կարեւորութիւնը։
Այս առիթով, ՍԱՆԱ լրատու գործակալութիւնը յայտնեց, թէ Նասրալլա բարձր գնահատեց դեսպանին տարած աշխատանքը՝ երկու երկիրներու յարաբերութեան զարգացման առնչութեամբ, հակառակ ներքին թէ արտաքին ճնշումներուն։