Շրջափակուած Արցախի մէջ, այս օրուան դրութեամբ 7 մանուկ կը գտնուի մանկական հիւանդանոցի նորածնային եւ վերակենդանացման բաժիններուն մէջ:
Վերակենդանացման բաժին կը գտնուի 12 չափահաս բուժառու, 5-ը ծայրայեղ ծանր վիճակի մէջ։ Արդէն 194 մանուկ ծնած է շրջափակման մեջ: Այս մասին հաղորդում է Արցախի տեղեկատուական շտապը:

Արցախի Հանրապետութեան Առողջապահութեան Նախարարութեան ենթակայ բոլոր բժշկական հաստատութիւններուն մէջ ծրագրուած վիրահատութիւններու դադրեցման պատճառով 568 քաղաքացի զրկուած է վիրահատուելու միջոցով առողջական հարցերու լուծման կարելիութենէն։

Մինչ այսօր Կարմիր Խաչի միջազգային կոմիտէի միջնորդութեամբ եւ ուղեկցութեամբ Արցախէն Հայաստան տեղափոխուած է 64 հիւանդ՝ համապատասխան բուժում ստանալու համար։

Ավելի քան 21. 200 թոն կենսական ապրանք պիտի մակատարարուէին Արցախ, եթէ չըլլար շրջափակումը, որուն ընթացքին Կարմիր խաչի միջազգային կոմիտէին եւ Ռուսիոյ խաղաղապահ զօրախումբին կողմէ մատակարարուած է անոր միայն չնչին մէկ մասը: