_Շրջափակման 53_րդ օրը կազամատակարարումի եւ ելեկտրամատակարարումի անկայունութիւնը բացասաբար կ’անդրադառնայ դպրոցական մանուկներուն վրայ։
Արցախ մտնող միակ կազատար խողովակին աշխատանքը Ատրպէյճանի կողմէն յաճախակի խափանումին եւ ելեկտրամատակարարումի հովհարային անջատումներուն պատճառով Արցախի շարք մը դպրոցներուն մէջ ստիպուած կրճատուած է դասաժամին տեւողութիւնը՝ դառնալով 35 վայրկեան, ինչ որ բացասաբար կ’անդրադառնայ կրթութեան որակին վրայ:
Հակառակ ջեռուցումին, հոսանքի հովհարային անջատումներով յատկանշուող, դասարաններուն մէջ ջերմաստիճանը բնականէն ցած է, այդ պատճառով աշակերտները կը նստին վերարկուներով։ Այս ամէնուն հետ մէկտեղ, պարէնի սղութեան պատճառով երեխաները չեն կրնար սնանիլ դպրոցական ճաշարաններուն մէջ։
_Արցախի մէջ շրջափակման տնտեսական եւ ընկերային հետևանքներու մեղմանալուն համար նախաձեռնութիւններ պիտի իրականացուին
Արցախի Հանրապետութեան պետական նախարար Ռուբէն Վարդանեանի ղեկավարութեամբ։
1 Փետրուարին տեղի ունեցած խորհրդակցութեան ընթացքին ներկայացուած են շրջափակման տնտեսական եւ ընկերային հետեւանքներու մեղմացման միտող նախաձեռնութիւններ:

Նախատեսուած է իրականացնել չորս ծրագիր, որոնցմէ երկուքը ունին տնտեսական, երկուքը՝ ընկերային ուղղութիւն: Տնտեսական ծրագիրները կը վերաբերին շրջափակման հետեւանքով առաւելապէս տուժած ոլորտներուն եւ կը նախատեսեն աջակցութեան տրամադրում տնտեսվարողներուն եւ անհատ ձեռնարկատէրերուն: Ընկերային ծրագիրները կը նախատեսեն ճգնաժամին պատճառով աշխատանքէն դադրած եւ աշխատանք չունեցող անձերու աջակցութիւն։