Սուրիոյ վարչապետ Հուսէյն Արնուս Հալէպի մէջ կը հետեւի վնասուած բնակարաններու ստուգման աշխատանքներուն։
Ըստ վարչապետին, Սուրիոյ բոլոր նահանգներուն մէջ ցարդ փուլ եկած է 276 շէնք, սակայն մասնակի վնասուած կառոյցներուն թիւը շատ աւելի մեծ է։
Վարչապետը աւելցուց, որ միայն Հալէպի մէջ կազմուած են երկրաչափներէ բաղկացած 15 մարմիններ, որպէսզի կարելի ըլլայ մինչեւ առաւելագոյնը 5 օր ամբողջացնել բնակարաններու սկզբնական ստուգումը։

Վարչապետը դիտել տուաւ, որ ողջ աշխարհը պէտք է զօրավիգ կանգնի Սուրիոյ ներկայ ծանր պայմաններուն մէջ։

Հալէպի կարգ մը շրջաններու մէջ բնակիչներ շէնքերը կը պարպեն, որովհետեւ անոնք փլուզման ենթակայ են։
Յիշենք, որ Բերիոյ Հայոց Թեմի Շտապը եգս սկսած է վնասուած բնակարաններու ցանկագրման եւ երկրաչափական միաւորներու գործուղման աշխատանքին։