Չորեքշաբթի, 8 Փետրուար 2023_ին, Երեւանի մէջ Սուրիոյ Ուսանողներու Ազգային Միութիւնը բողոքի ցոյց կազմակերպեց Երեւանի ՄԱԿ_ի գրասենեակին դիմաց պահանջելով Սուրիոյ վրայ պարտադրուած տնտեսական պատժամիջոցները դադրեցնել, որպէսզի երկրաշարժին բերումով տուժածներուն անհրաժեշտ մարդկային օգնութիւններ տրամադրուին։