Սուրիոյ Խորհրդարանը հաղորդագրութեամբ միջազգային ընտանիքին կոչ ուղղեց անմիջապէս Սուրիոյ ժողովուրդին դէմ ԱՄՆ-ի պարտադրած տնտեսական պատժամիջոցները չեղեալ համարելու եւ օգնութեան ձեռք երկարելու Սուրիան ցնցած երկրաշարժէն տուժածներուն, սուրիական տարբեր նահանգներուն մէջ։