«Ուաթան Անլայն» հաղորդեց, որ սուրիական կառավարութիւնը մարդասիրական օգնութիւններով բեռցուած փոխադրակառքեր պիտի ուղարկէ Իտլիպ՝ Սարաքէպի ճամբով։
Աղբիւրը յայտնեց, որ փոխադրակառքերը կը սպասեն ՄԱԿ-ի ներկայացուցիչներուն, որպէսզի անոնց յանձնուին օգնութիւնները։
Սուրիական կողմը տեղեկացուց ՄԱԿ-ին, թէ միջազգային կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներուն ուշանալու պարագային Սուրիան պիտի չտատամսի օգնութիւնները Իտլիպի ժողովուրդին ուղղակիօրէն հասցնելու։