ՍԱՆԱ հաղորդեց, որ 8 Փետրուար 2023-ին Սուրիոյ նախագահ Պաշշար ալ-Ասատ ընդունեց Լիբանանէն ժամանած նախարարական պատուիրակութիւն մը, ղեկավարութեամբ Լիբանանի արտաքին գործոց նախարարի պաշտօնակատար Ապտալլա Պու Հապիպի։

Պատուիրակութեան անդամները նախագահ Ասատին փոխանցեցին Լիբանանի վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթիի եւ կառավարութեան բոլոր անդամներուն ցաւակցութիւնները Սուրիոյ մէջ տեղի ունեցած երկրաշարժին համար ընդգծելով, որ այս այցելութիւնը ցաւակացութեան եւ Սուրիոյ օգնութեան ձեռք երկարելու նպատակով կ՚իրականանայ։

Պատուիրակութեան անդամները նախագահին հետ քննարկեցին ժամանակաւոր կառավարութեան կողմէ այլ երկիրներէ հասած օժանդակութեանց փոխանցման միջոցները ու ներկայացուցին Լիբանանի ուղարկած օժանդակութիւններուն կողքին սուրիական շտապ օգնութեան եւ փրկարարական մարմիններուն հետ գործակցութեան միջոցները։ Անոնք հաստատեցին Լիբանանի պատրաստակամութիւնը բաց պահելու Լիբանանի օդակայաններն ու նաւահանգիստները՝ ստանալու համար տարբեր երկիրներէ Սուրիա առաքուած օժանդակութիւնները։
Իր կարգին նախագահ Ասատ շնորհակալութիւն յայտնեց պատուիրակութեան։ Նախագահը ընդգծեց Լիբանանի եւ Սուրիոյ գործակցութեան կարեւորութիւնը տարբեր բնագաւառներու մէջ։

Պատուիրակութեան մաս կը կազմէին հասարակական աշխատանքներու եւ երթեւեկութեան նախարարի պաշտօնակատար Ալի Համիէն, ընկերային հարցերու եւ աշխատանքի նախարարի պաշտօնակատար Հեքթոր Հաժժարը, գիւղատնտեսութեան նախարարի պաշտօնակատար Ապպաս Հաճ Հասանը, Շտապ օգնութեան գերագոյն խորհուրդի ընդհանուր քարտուղար Մուհամետ Խէյրը եւ առողջապահութեան նախարարութեան բժշկական խնամքի պատասխանատու Ժոզեֆ Հըլուն: