Հայաստանի որոնողափրկարարական խումբը 8 Փետրուարէն սկսած է Հալէպի մէջ իր աշխատանքները։
«Շաար» թաղամասին մէջ փուլ եկած շէնքերու փլատակներուն տակէն մինչեւ հիմա խումբը դուրս բերած է 7 զոհի դիակ։

Հայաստանի խումբը օժտուած է թեքնիք ամբողջական պատրաստուածութեամբ եւ մասնագէտներով։

Շրջանին մէջ որոնողական աշխատանքներ կը տանին նաեւ իրանեան եւ սուրիական խումբերը։