Նկատի առնելով 6 Փետրուարին տեղի ունեցած աւերիչ երկրաշարժը, ինչ որ աւելի խորացուց Սուրիոյ մէջ արդէն տարիներ շարունակուող մարդասիրական ճգնաժամը, «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամը նիւթական աջակցութիւն կը ցուցաբերէ Սուրիոյ Հալէպ քաղաքին մէջ գործող 15, ինչպէս նաեւ Դամասկոսի, Լաթաքիոյ եւ Քեսապի հայ կրթական հաստատութիւններուն:

Հիմնադրամի հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ կը նշուի, որ «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի Ֆրանսայի տեղական մարմինին` «Ֆրանսայի հայկական հիմնադրամ»-ին կողմէ տրամադրուած 100 հազար տոլարը պիտի ուղղուի այդ կրթական հաստատութիւններուն, ուր աշխատող շուրջ 1100 ուսուցիչները եւ թեքնիք անձնակազմը պիտի ստանան նիւթական աջակցութիւն: Երկրաշարժէն վնասուած են նաեւ համայնական կրթական եւ եկեղեցական կառոյցներ, ներառեալ նաեւ Հալէպի մէջ գտնուող «Քարէն Եփփէ» ազգային ճեմարանը, «Կիլիկեան» դպրոցը եւ Ազգային պատսպարանը, ուստի յատկացուած նիւթական աջակցութեան մէկ մասը պիտի ուղղուի այդ հաստատութիւններու վերանորոգման:

Այս հրատապ մարդասիրական ծրագիրը կ՛իրականացուի Սուրիոյ մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանութեան հետ սերտ համագործակցութեամբ, ինչպէս նաեւ Սուրիոյ մէջ գործող եկեղեցական եւ համայնքային այլ կառոյցներու ներգրաւուածութեամբ:

Հաղորդագրութիւնը կ՛աւելցնէ, որ «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամը իր զօրակցութիւնը կը յայտնէ երկրաշարժէ տուժածներուն եւ հաւատարիմ մնալով իր համահայկական առաքելութեան, ամուր կանգնած է սուրիահայութեան կողքին: