Դամասկոսի եւ Լաթաքիոյ Միջազգային Օդակայանները ժամանեցին 128 մարդասիրական օգնութիւններով բեռցուած 4 օդանաւեր՝ Համաշխարհային Առողջապահութեան Կազմակերպութենէն, Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններէն եւ Օմանէն՝ Սուրիան ցնցած երկրաշարժէն տուժածներուն։ Համաշխարհային Առողջապահութեան Կազմակերպութեան օդանաւերէն մէկը ուղղուեցաւ Հալէպի Միջազգային Օդակայան։
-Դամասկոսի Միջազգային Օդակայան ժամանեց նաեւ մարդասիրական օգնութիւններով բեռցուած ռուսական օդանաւ մը, որ կ՚ընդգրկէ ուտեստեղէն, բժշկական պիտոյք եւ հագուստեղէն՝ Սուրիան ցնցած երկրաշարժէն տուժածներուն։
-Հալէպի Միջազգային Օդակայան ժամանեց Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններէն 25,8 թոն մարդասիրական օգնութիւններով բեռցուած օդանաւ մը։