Կիրակի, 19 Փետրուար 2023-ին, ՍԱՆԱ հաղորդեց, որ Իսրայէլ բազմաթիւ հրթիռներ արձակեց Դամասկոսի եւ անոր շրջակայքին վրայ՝ թիրախ դարձնելով բնակչութեան հոծ թաղամասեր։
Յարձակումին հետեւանքով արձանագրուեցան 5 զոհեր, 15 վիրաւորներ եւ նիւթական ահաւոր վնասներ։
Սուրիական հակաօդային պաշտպանութեան համակարգերը դէմ դրին հրթիռներուն եւ վար առին անոնց մեծամասնութիւնը։