Թուրքիոյ հետ սահմանին գտնուող կամուրջներն ու ճանապարհները ենթակայ են շահագործման: Տեղեկութիւնը կը յայտնէ Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարութիւնը՝ պատասխանելով «Սփութնիք Արմենիա»-ի գրաւոր հարցումին:
«Աշխատանքներ պիտի իրականացուին երրորդ երկիրներու քաղաքացիներու, ինչպէս նաեւ Հայաստանի եւ Թուրքիոյ դիւանագիտական անձնագիրներ ունեցող քաղաքացիներու համար ցամաքային սահմանի հատման գործընթացը աւարտին հասցնելու ուղղութեամբ», աւելցուցած են արտաքին գործոց նախարարութենէն: