Նկատի առնելով ներքին հարցերը, մեր առջեւ ծառացած մարտահրաւէրները, երեք քաղաքական ուժերով յաւելեալ քննարկումներ ունեցած ենք եւ որոշած ենք, որ պիտի չմասնակցինք այսօրուան նիստին։ Այս մասին 23 Փետրուարին տեղի ունեցած Արցախի Հանրապետութեան Ազգային Ժողովի հերթական նիստի սկզբնամասին յայտարարած է ԱՀ Ազգային Ժողովի «Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւն» խմբակցութեան պատգամաւոր Դաւիթ Իշխանեան։ Ան յիշեցուցած է, որ երէկ երեք ընդդիմադիր քաղաքական ուժերով Արցախի ներքաղաքական հարցերու մասին յայտարարութիւն հրապարակած են, որմէ ետք ԱՀ Ազգային Ժողովի ՀՅԴ, «Արցախի Ժողովրդավարական Կուսակցութիւն», «Արցախի Արդարութիւն» խմբակցութիւններու անդամները հեռացած են նիստերու դահլիճէն։