Սուրիոյ նախագահ Պաշշար ալ-Ասատ, Կիրակի, 17 Մարտին Միացեալ Էմիրութիւններու նախագահին հետ հանդիպման ընթացքին շնորհակալութիւն յայտնեց Էմիրութիւններուն Սուրիոյ դէմ մղուած պատերազմի տարիներուն իր առողջ ու եղբայրական մօտեցումներուն համար, որոնք շարունակուեցան նաեւ Սուրիան ցնցած երկրաշարժին աղէտէն ետք։ Նախագահը դիտել տուաւ, որ Էմիրութիւներու օդանաւերով ոչ միայն օժանդակութիւն կը հասնէր, այլեւ ջերմութիւն ու զօրակցութիւն կը փոխանցուէր Սուրիոյ աղէտահար ժողովուրդին։

Նախագահը աւելցնելով ըսաւ. «Երկու երկիրներու յարաբերութիւններուն մէջ անկիւնադարձային հանգրուան մը կը կազմէ այս այցելութիւնը, որուն մանրամասնութիւնները կ՚արտացոլեն իմ եւ շէյխ Մուհամէտ պըն Զայետի բարեկամութիւնն ու եղբայրութիւնը, որոնք, Աստուծոյ կամքով, դրականօրէն պիտի անդրադառնան Էմիրութիւններու եւ Սուրիոյ եղբայր ժողովուրդներուն վրայ»: