Միացեալ Էմիրութիւններու շէյխուհի Ֆաթիմա պընդ Մուպարաքը Կիրակի, 19 Մարտին ընդունեց Սուրիոյ Առաջին Տիկին Ասմա ալ-Ասատը եւ անոր ընկերակցող պատուիրակութիւնը Ապու Տապիի պալատէն ներս։

Հանդիպման ընթացքին անոնք խորհրդակցեցան մարդասիրական եւ ընկերային մարզերու մէջ գործակցութեան եւ երկու բարեկամ երկիրներու ոչ-կառավարական նախաձեռնութիւններու փոխանակման մասին, յատկապէս Սուրիոյ երկրաշարժէն վերջ։

Սուրիոյ Առաջին Տիկինը շնորհակալութիւն յայտնեց Միացեալ Էմիրութիւններու պետութեան եւ ժողովուրդին, որոնք Սուրիոյ երկրաշարժէն վերջ անմիջապէս օգնութեան ձեռք երկարեցին, իսկ շէյխուհի Ֆաթիման հրաւիրեց Էմիրութիւններու մէջ բուժելու երկրաշարժի կարգ մը վիրաւորները։ Ասմա ալ-Ասատ շեշտեց, որ Միացեալ Էմիրութիւններ բուժուողներուն կեանքի երկրորդ առիթ մը ընծայուեցաւ՝ նախ երկրաշարժէն փրկուելով, ապա նաեւ Էմիրութիւններու մէջ բուժուելու կարելիութիւն ունենալով։

Շէյխուհին իր կարգին շեշտեց երկու երկիրներու սերտ յարաբերութիւնները եւ իր երկրին պատրաստակամութիւնը յայտնեց մարդասիրական տարբեր օժանդակութիւններով մեղմացնելու Սուրիոյ ժողովուրդին տագնապն ու ցաւը։

Յիշենք, որ մայրաքաղաք Ապու Տապիի նախագահական օդակայանին մէջ Սուրիոյ Առաջին Տիկնոջ դիմաւորելու ժամանած էր պետական նախարարուհի դոկտ. Մայսաա ալ- Շամսին։