«Ապառաժ» – Արցախի Տեղեկատուական շտապէն կը յայտնեն, որ Ատրպէյճանի զինուած ուժերը, հերթական անգամ ոտնահարելով 8 Նոյեմբեր 2020-ի եռակողմ յայտարարութեամբ իրենց ստանձնած պարտաւորութիւնները, 25 Մարտին Շուշի-Լիսագոր հատուածին մէջ խախտած են նոյն փաստաթուղթով ամրագրուած շփման գիծը և որոշակի դիրքային թափանցում կատարած են Արցախի Հանրապետութեան տարածքին:

Արցախի Հանրապետութեան իշխանութիւնները եռակողմ յայտարարութեան դրոյթներու հերթական կոպիտ խախտման մասին անմիջապէս տեղեկացուցած են Ռուսիոյ Դաշնութեան խաղաղապահ զորակազմի հրամանատարութիւնը՝ նկատի առնելով տուեալ փաստաթուղթով անոր ստանձնած առաքելութիւնն ու գործառոյթները: Իշխանութիւնները խաղաղապահ զօրակազմէն գործնական քայլեր կ՚ակնկալեն տուեալ խախտման հետևանքներու վերացման ու նոր խախտումներու կանխարգիլման նպատակով:

Ատրպէյճանական կողմին կեղծ պնդումը Ստեփանակերտ-Ղայբալիշէն-Լիսագոր լեռնային ճանապարհը իբր զինամթերքի փոխադրման նպատակով կիրառելու մասին պարզապէս պատրուակ է իր հերթական ու ապակառուցողական գործողութիւններուն իրականացման համար: Այդ նոյն պնդումով անոնք 5 Մարտին յարձակեցան ու սպանեցին ծառայողական պարտականութիւններ կատարող երեք ոստիկան և վիրաւորեցին մէկ ուրիշը:
Արցախի իշխանութիւնները քանիցս յայտարարաղ են, որ 12 Դեկտեմբերէն մեկնարկած շրջափակման պայմաններուն մէջ տուեալ լեռնային ճանապարհը կ՚օգտագործուի Ստեփանակերտի և Շուշիի շրջանի չորս համայնքներուն միջև քաղաքացիական ու հրատապ հաղորդակցութեան կազմակերպման համար, ինչ որ կ՚իրականացուի բարձր մեքենաներով՝ նկատի ունենալով տեղանքի խիստ բարդ ու վտանգաւոր բնոյթը:
Իսկ Պաշտպանութեան բանակի գոյութիւնն ու բնականոն գործունէութիւնը որևէ վտանգ չի ներկայացներ որևէ մէկուն համար, քանի որ նախատեսուած է բացառապէս ինքնապաշտպանութեան համար՝ նկատի ունենալով Արցախի ժողովուրդին ֆիզիքական գոյութեան ու անվտանգութեան սպառնացող անմիջական վտանգները: