Արցախի տեղեկատուական շտապը կը տեղեկացնէ, որ Ատրպէյճանի Զինուած Ուժերուն թափանցումէն ետք, խաղաղապահները դիրքաւորուած են Ստեփանակերտ-Լիսագորի յարակից բարձունքին և կը վերահսկեն զայն։

«Անոնք միեւնոյն ժամանակ բանակցութիւններ կը վարեն ատրպէյճանական կողմին հետ՝ ապահովելու համար իրենց վերադարձը ելման դիրք:

Անոր զուգահեռ, Պաշտպանութեան բանակի ստորաբաժանումները ձեռնարկած են համապատասխան քայլեր՝ կանխելու ատրպէյճանական հաւանական հետագայ սադրանքները և, անհրաժեշտութեան պարագային, ապահովելու տուեալ լեռնային ճամբուն անվտանգ կիրառումը:

Արցախի իշխանութիւնները մշտական կապի մէջ են ՌԴ խաղաղապահ զօրակազմի հրամանատարութեան հետ՝ իրավիճակի կարգաւորման համար կարելի բոլոր միջոցները ի գործ դնելու նպատակով», ըսուած է շտապի յայտարարութեան մէջ: