«Ուաթան Անլայն» հաղորդեց, որ Մոսկուայի մէջ Ռուսիոյ, Իրանի, Սուրիոյ եւ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարներու ժողովին մասնակցող սուրիական պատուիրակութեան նախագահ Այման Սուսան վերահաստատած է, որ Սուրիա կը պահանջէ իր հողերուն վրայ թրքական ուժերուն ապօրինի ներկայութեան վերջ տալ, Սուրիոյ ներքին հարցերուն չմիջամտել եւ ահաբեկչութեան դէմ պայքարիլ։
Սուսան ըսած է. «Թրքական ուժերը սուրիական բոլոր հողերէն դուրս բերելու Թուրքիոյ պաշտօնական եւ միանշանակ յայտարարութիւնը՝ Սուրիա-Թուրքիա հաղորդակցութեան բանալին կը համարուի»:
Ապա աւելցուցած է. «Սուրիան դրականօրէն արձագանգեց եւ ընդունեց սուրիական-թրքական յարաբերութիւններու կարգաւորման առնչուող ռուս եւ իրանցի բարեկամներուն ջանքերը, սակայն այդ կարգաւորումը իրականանալու համար կան նախապայմաններ եւ պահանջքներ, որոնք պէտք է յարգուին, յատկապէս Սուրիոյ գերիշխանութեան եւ տարածքային ամբողջականութեան պահպանման շեշտադրումով։ Հարկ է նաեւ, որ թրքական կողմէն լուրջ երկխօսութեան կամք եւ փափաք ըլլայ։ Մինչեւ օրս որեւէ գործնական քայլ չշօշափեցինք թրքական ուժերուն Սուրիայէն դուրս գալու կամ Սուրիոյ հիւսիսարեւմտեան շրջանին, յատկապէս Իտլիպի մէջ ահաբեկչութեան վերջ տալու գծով»։