Այսօր առաւօտ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար ալ-Ասատ ընդունեց Իրաքի Դատական Բարձրագոյն Խորհուրդի նախագահ Ֆաէք Զայտանը։

Հանդիպումին ընթացքին կողմերը զրուցեցին երկու երկիրներու յարաբերութիւններուն եւ դիմագրաւած տարաբնոյթ մարտահրաւէրներուն շուրջ եւ շեշտեցին Իրաքն ու Սուրիան թիրախ դարձուցած ահաբեկչութեան դէմ պայքարին գծով գործակցութեան կարեւորութիւնը։

Սերտուեցան նաեւ դատական եւ օրէնսդրական ոլորտներու մէջ գործակցութեան կարելիութիւնները։

Սուրիոյ նախագահը շեշտեց, որ Դատական իշխանութիւնը երկրի մը կշիռքն է, անոր արդարութեան եւ կայունութեան հիմքը, իսկ դատական իշխանութեան անկախութիւնը ընկերութիւնն ու պետութիւնը պաշտպանող հիմնական վահանն է։ Այս առումով ալ երկու երկիրներու գործակցութիւնը, այս ոլորտին մէջ եւս, պիտի անդրադառնայ Սուրիոյ եւ Իրաքի ապահովութեան եւ ինքնիշխանութեան վրայ։

Իր կարգին դոկտ. Զայտան յայտնեց որ երկու ժողովուրդներուն անցնող տարիներու դիմագրաւած դժուարութիւնները կը թելադրեն ուժեղացնել գործակցութիւնը։