BRICS-ի երկիրները՝ Պրազիլը, Ռուսիան, Հնդկաստանը, Չինաստանը և Հարաւային Աֆրիքան, կ՚ուսումնասիրեն նոր միասնական թուային արժոյթ ստեղծելու կարելիութիւնը, որ կրնայ փոխել խաղի կանոնները համաշխարհային ելեւմտային համակարգին մէջ՝ այլընտրանք հանդիսանալով ԱՄՆ տոլարին:

Ռուսիոյ պետական տումայի փոխնախագահ Ալեքսանտր Փափակով ըսած է, որ այս ծրագիրով հետաքրքրուած դաշինքի անդամները իրենց գաղափարները կը ներկայացնեն Հարաւային Աֆրիքայի մէջ կայանալիք գագաթնաժողովին ընթացքին: Թուային արժոյթը կրնայ, ապահովուիլ շարք մը ապրանքներով, ներառեալ ոսկին, հազուագիւտ մետաղները կամ անոնց տարածքը: