ԵԱՀԿ գործող նախագահ, Հիւսիսային Մակեդոնիոյ արտաքին գործոց նախարար Պույար Օսմանին 10_էն 13 Ապրիլին պիտի այցելէ Հայաստան, Վրաստան եւ Ատրպէյճան, ուր հանդիպումներ պիտի ունենայ պետական պաշտօնեաներուն եւ այլ շահագրգիռ կողմերու հետ։

Օսմանին նաեւ հանդիպումներ պիտի ունենայ խորհրդարանականներուն, քաղաքացիական հասարակութեան ներկայացուցիչներուն հետ։

Ըստ հաղորդագրութեան, ԵԱՀԿ գործող նախագահի այցելութեան հիմնական նպատակը պիտի ըլլայ ԵԱՀԿ-ի, Հայաստանի, Վրաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ գործակցութեան ամրապնդումը, անվտանգութեան առկայ մարտահրաւէրներու լուծումը եւ Հարաւային Կովկասի տարածաշրջանին մէջ երկխօսութեան միջոցով խաղաղութեան ու կայունութեան խթանումը: