Հովանաւորութեամբ սուրիահայ երեք համայնքապետներուն, կազմակերպութեամբ հալէպահայ կազմակերպութիւններու եւ միութիւններու, Երկուշաբթի, 24 Ապրիլ 2023-ի երեկոյեան ժամը 7:00-ին, Հալէպի «Գ.Եսայեան» սրահէն ներս տեղի ունեցաւ Հայոց Ցեղասպանութեան 108-րդ տարելիցին նուիրուած ոգեկոչական կեդրոնական հանդիսութիւնը:

Հանդիսականները սրահի մուտքին դիմաւորուեցան ՀՄՄ-ի փողերախումբին հնչեցուցած ազգային եւ հայրենասիրական երգերով:
Հանդիսութեան ներկայ էին Բերիոյ Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար Սրբ. Եպս. Աշգարեան, Բերիոյ Հայոց Կաթողիկէ Համայնքի Առաջնորդ Արհ. Տ. Պետրոս Արք. Միրիաթեան, Սուրիոյ Հայ Աւետարանական Համայնքի Պետ Վեր. Դոկտ. Յարութիւն Սելիմեան, Սուրիոյ խորհրդարանի երեսփոխաններ՝ Ժիրայր Րէիսեան եւ դոկտ. Լիւսի Իսկէնեան, ՀՀ Հալէպի Գլխաւոր Հիւպատոսութեան խորրհրդական Դաւիթ Թադէոսեան, ՀՀ Մարդասիրական Առաքելութեան խումբի ղեկավարը, արժանապատիւ քահանայ հայրեր, հոգեւոր հովիւներ, առաքինազարդ քոյրեր, հալէպահայ կազմակերպութիւններու, մարզական, մշակութային, բարեսիրական եւ հայրենակցական միութիւններու ներկայացուցիչներ եւ հոծ բազմութիւն մը:
Հայերէն բացման խօսքով Մարալ Տէրեան-Մանուէլեան վեր առաւ փիւնիկի նման յառնող հայ ժողովուրդին պայքարող էութիւնը: Ապա ըսաւ. «Պէտք չէ տարուիլ այսօր թմբկահարուող հաշտութեան խաբուսիկ յուսադրումներով ու խոստումներով: Այլ պայքարի երթը պէտք է շարունակել առաւե’լ վճռականութեամբ, համազգային ճիգերով վերածուելու հաւաքական ուժի: Պահանջատիրութիւնը պէտք է շարունակել Հայաստան-Արցախ-Սփիւռք եռամիասնութեամբ, երիտասարդութեան ներգրաւումով՝ մինչեւ իրականանայ կտակը մեր նահատակներուն եւ հայը վերաշինէ իր դարաւոր ՀԱՅՐԵՆԻՔԸ՝ Ազատ Անկախ եւ Միացեալ Հայաստանը, խաղաղ երկնակամար ապահովելով դարեր անցած մեր բազմաչարչար ազգին»:

Արաբերէն բացման խօսքով Նուշիկ Մուրատեան երախտագիտութեամբ անդրադարձաւ սուրիացի արաբ ազնիւ ժողովուրդին հայութեան ցուցաբերած հիւրընկալութեան, որուն հետեւանքով ալ այս երկրին մէջ արդիւնաւորուեցան հայուն ջանասիրութիւնն ու կամքը: Ապա աւելցուց. «Հայ ժողովուրդը իր բոլոր երանգներով, իր հայրենի հողին վրայ կամ այլուր, ստեղծագործ եւ կենսունակ ժողովուրդ է»:
Հանդիսութեան գեղարուեստական յայտագիրով Ժագ Յակոբեանի «Մէկ Վայրկեան Լռութիւն» քերթուածը հրամցուց Արփի Գրտանեան:

Ելոյթ ունեցաւ Հայ Երիտասարդաց Ընկերակցութեան «Սպենդիարեան» երգչախումբը, գեղարուեստական ղեկավարութեամբ Մարգրիտ Խաչատրեան-Պանտաքի, դաշնամուրի ընկերակցութեամբ Ռուզան Պարսումեանի, յաջորդաբար ներկայացնելով դասական-ռնգային երգեր՝ ձօնուած նահատակներուն, ապա նաեւ «Սուրբերու Աչքեր», «Կիլիկիա» եւ «Հայաստան» երգերը:

Նախքան ելոյթը Գարլօս Պուրճեան ներկայացուց երգացանկին խորհուրդը:
Վահան Տէրեանի «Հայրենիքիս» քեթրուածը ասմունքեց Կարօ Մաթոսեան, ապա Ժոզէֆ Արըգեան մեներգեց Կոմիտասի «Կռունկ»-ը:
Յովիկ Օհանեանի հեղինակած «Սատանային Պոեմը» արաբերէն ստեղծագործութիւնը ասմունքեց Դիա-Մարիա Քէշիշեան, որուն պարային ներկայացումով ընկերակցեցան Լիլա Աթաշեան եւ Ալիսիա Սարեան:
Արաբօ Իսպիրեանի «Տուն Իմ Հայրենի» եւ «Պիտ Պաշտպանեմ» երգերը հնչեցուցին դաշնամուրով՝ Անժելլա Սեմէրճեան-Յակոբեան, ջութակով Տեսիլ Սարեան, իսկ սրինգով Նանոր Տոնոյեան, որմէ ետք Սիամանթոյի «Դարերու Վրէժ» քերթուածը մեկնաբանեց Վիգէն Չաղլասեան:

Երիտասարդները իրենց լաւագոյն կատարումը բեմէն ներկայացնելով խորհրդաւոր մթնոլորտ մը ստեղծեցին, ուր միախառնուած էին հայուն ողբն ու մարտունակ ոգին:
Օրուան բանա:օսն Ծերուն Գահուէճեան համառօտ գիծերու մէջ ներկայացուց 108 տարիներ վերջ Հայոց Ցեղասպանութեան դատապարտման, հատուցման ու պահանջատիրութեան ճամբուն մեր ժողովուրդին դիմաց ցցուող մարտահրաւէրները: Գահուէճեան ըսաւ «Համասփիւռ հայութիւնը անգամ մը եւս ոգեկոչեց իր մէկուկէս միլիոն սրբադասուած նահատակներուն յիշատակը: Կազմակերպեց քայլարշաւներ, դասախօսութիւններ ու հսկումներ, ինչպէս նաեւ հանդէս եկաւ ճառերով ու շռնդալից յայտարարութիւններով: Սակայն դժբախտաբար դառնօրէն կ’անդրադառնամ ա՛յն իրողութեան, որ ցեղասպանութեան մասին բոլոր յուշագրութիւններն ու վկայագրութիւնները կը մնան գրադարաններու փոշոտած դարակներուն մէջ, ինչպէս նաեւ ամէն 24 Ապրիլին յայտնուող հայ եւ օտար քաղաքական դէմքերու «պերճ» ճառախօսութեանց մէջ»:
Շարունակելով ան շեշտեց. « Ժամանակն է, որ խօսքէն անցնինք գործի: Հայ ժողովուրդին համար ընդունելի չէ երբեք թուրք պետութեան եւ անոր նախագահին ցաւակցութիւնը՝ իր բացատրութեամբ 1915-ին պատերազմական պայմաններու մէջ մահացած հայերուն համար։ 1915-ին Օսմանեան Թուրքիոյ պետութեան կողմէ ծրագրուած ու գործադրուած ոճիրը ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԻՒՆ Է եւ վերջ…: Այս բացայայտ իրողութիւնը ո՛չ քննութեան, ոչ ալ վիճաբանութեան կամ բանակցութեան նիւթ կրնայ ըլլալ հայ ժողովուրդին համար»:
Բանախօսը եզրափակելով խօսքը ուղղեց երիտասարդութեան. «Աւարտին մեր խօսքը ձեզի է, սիրելի՛ երիտասարդներ: Մի՛ թողուք, որ մարդկային իրաւունքներու ու արժէքներու էութիւնը կազմող արդարութիւնը զոհը դառնայ աշխարհաքաղաքական, ժամանակաւոր շահերու։ Մի՛ թողուք, որ ցեղասպանը զանազան դիմակներ գործածելով մոլորեցնէ հանրային կարծիքը եւ իր սպառնական ոճով փորձէ ձախողութեան մատնել հայանպաստ որեւէ քայլ:
Մեր պահանջատիրական ձայնը պիտի չդադրի ու պահանջատիրական պայքարը կանգ պիտի չառնէ՝ մինչեւ որ արդարութիւն հաստատուի հայ ժողովուրդին նկատմամբ։ Ա՛յս է պատգամը մեր սրբադասուած նահատակներուն։ Ա՛յս է սրբազան ուխտը նահատակներու զաւակներուն»:
(Բանախօսութիւնը ամբողջութեամբ ընթերցել «Գանձասար»-ի Ապրիլ Դ. համարին մէջ):

Աւարտին խօսք առաւ Բերիոյ Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար Սրբ. Եպս. Աշգարեան: Սրբազան հայրը ըսաւ.«Բառեր չկան արտայայտելու այն ապրումը, որ կը ժայթքէ իւրաքանչիւր հայու սրտէն, որ մեր ժողովուրդի հոգեւոր ու ազգային դարաւոր արժէքներու եւ ապրումներու պահպանութեան արձագանգն է: Բոլորս ալ բարձրագոյն գիտակցութեամբ հաւաքուած ենք հաւատարիմ հայու պարտքը կատարելու եւ անմահներու նուիրական յիշատակովը վերակենսաւորուած՝ յիշելու Հայոց Ցեղասպանութեան մեր սուրբ նահատակներուն կտակը եւ պահանջելու անոնց արդար իրաւունքը»:
Սրբազանը իր խօսքը աւարտելով ըսաւ.«Ուստի հաւատարիմ մեր ինքնութեան, առաքելութեան, կոչումին եւ մանաւանդ Մեծ Եղեռնին զոհուած սուրբ նահատակներու սրբազան պատգամին եւ մեր դատի պահանջատիրութեան ոգիին, բարձրագոյն նախանձախնդրութեամբ կառչած մնանք ու պահպանենք այն կտակը, որ մեզի ժառանգուած է ու լաւագոյնս արդարացնենք այն յոյսը, որ մեր վրայ դրուած է՝ ի հզօրացումն ողջ Հայաստանի, Արցախի ու սփիւռքահայութեան եւ որպէս պանծացում մեր նահատակներու յիշատակին»:

Լուսին Ապաճեան-ՉիլԱբօշեան