Կիրակի, 23 Ապրիլ 2023-ի երեկոյեան, Լաթաքիոյ Ս.Աստուածածին եկեղեցւոյ շրջափակը ողողուեցաւ լաթաքիահայութեամբ, ոգեկոչելու ցեղասպանութեան 108-ամեակը հսկումի ձեռնարկով։

ՍԵՄ-ի «Կայծակ» մասնաճիւղի վարչութեան կազմակերպած հսկումին բացման խօսք արտասանեց վարչութեան ատենապետ Յակոբ Արզումանեան, որ ըսաւ, որ ցեղասպանութեան 108-րդ տարելիցին անգամ մը եւս կը խոնարհինք մեր սրբացած զոհերու յիշատակին առջեւ, նաեւ նոր նահատակներուն, որոնք կը շարունակեն պայքարի էջերը ներկել իրենց արիւնով: Ան շեշտեց. «Այնքան ատեն որ կը շարունակուի ցեղասպանութիւնը պիտի շարունակենք յիշել, յիշեցնել եւ պահանջել։ Ցեղասպանութիւնը կը շարունակուի, երբ թշնամին կը շարունակէ բռնատիրութեամբ տիրանալ մեր հողերուն։
Հետեւաբար գուցէ օր մը գերպետութիւններու շահերը միանան մեր արդար նպատակներուն եւ կարենանք ջնջել չարին կողմէ դրուած ամէն սահման»։ Ան իր խօսքը փակեց Թումանեանի հետեւեալ խօսքով. «Միահամուռ, միաբան Հէյ ճան տղերք, ուժ տուէք, ուժ, քարը մօտ է գլորան»։
Սիամանթոյի «Ափ Մը Մոխիր» բանաստեղծութիւնը ասմունքեցին Հուրի Մովսէսեան, Շիրազ Գաբրիէլեան եւ Էլսի Հանունիկ։
Ապա ցուցադրուեցաւ տեսերիզ մը վկայութիւններու երէց լաթաքիահայերու, որոնց հայրերը ականատես եղած են 1915-ի Ցեղասպանութեան։ Անոնք յուզմունքով պատմեցին իրենց նախնիներուն աքսորը հայրենիքէն դէպի Սուրիա ու հաստատումը Լաթաքիա։
Անի Պետրոսեան մեներգեց «Զինուորի մօր երգը»։
Աւարտին տեղի ունեցաւ քահանայ հօր, մարմիններու ներկայացուցիչներու եւ ներկաներբւ մոմավառութիւնը Նահատակներու յուշակոթողին դիմաց։

Նայիրի Կարապետեան