Սուրիոյ եւ Իրանի գործարարներու հանդիպումին մասնակցողները խորհրդակցեցան երկու երկիրներուն պարտադրուած տնտեսական պատժամիջոցներուն լոյսին տակ տնտեսական եւ առեւտրական գործակցութիւնը խոչընդոտող դժուարութիւններուն շուրջ։ Անոնք լուծումներ առաջարկեցին եւ քննարկեցին անձնական հատուածին աշխատանքը դիւրացնող եւ ներդրումային աշխատանքները զարգացնող միջոցները։