Սուրիական Երկրաշարժներու ազգային կեդրոնը յայտարարեց, որ նախորդ 24 ժամուան ընթացքին 17 թեթեւ յետցնցումային երկրաշարժներ արձանագրուեցան։

Կեդրոնին համաձայն, Աղէքսանտրէթի մէջ 8 ցնցումներ արձանագրուեցան 1,6 – 4 ռիխթըր ուժգնութեամբ, իսկ Թուրքիոյ մէջ 6 ցնցումներ՝ 2,3 – 3,8 ռիխթըր ուժգնութեամբ։