Երկուշաբթի, 24 Ապրիլին բազմահազար մարդիկ Երեւանի մէջ այցելեցին Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիր: Անոնք յարգանքի տուրք մատուցեցին 20-րդ դարու սկիզբը Ցեղասպանութեան զոհ դարձած աւելի քան մէկուկէս միլիոն հայերու յիշատակին:
Բազմահազար հայորդիներու կարգին այդ օր Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիր այցելեցին նաեւ հայ ժողովուրդի օտարերկրացի բարեկամներ, օտարերկրացի քաղաքական գործիչներ եւ դեսպաններ: Հայոց Ցեղասպանութեան սրբադասուած նահատակներու յիշատակին յարգանք մատուցեցին նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան պետական գործիչները: