Կիրակի, 23 Ապրիլին Հայոց Ցեղասպանութեան 108-րդ տարելիցի նախօրէին, Երեւանի Հանրապետութեան հրապարակէն սկսաւ ՀՅԴ Հայաստանի երիտասարդական եւ «Նիկոլ Աղբալեան» ուսանողական միութիւններու նախաձեռնած աւանդական ջահերով երթը:
Ջահերով երթը այս տարի կը կրէր «Մէկ Հայրենիք, մէկ դատ, մէկ ճանապարհ՝ պայքար» խորագիրը:
Երթի սկիզբէն առաջ ելոյթ ունեցան ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթէլեանը եւ ՀՅԴ ՀԵՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան նախագահ Գոռ Սարգսեանը:
«Մեզ կը ստիպեն հրաժարիլ հայկական հարցէն, մեր անցեալէն՝ որպէսզի գողնան մեր ապագան», իր ելոյթին մէջ նշեց Իշխան Սաղաթէլեան: Ըստ անոր, ստեղծուած իրավիճակին մէջ ընելիքը մէկն է՝ դիմադրութիւն եւ պայքար:
Երթի մասնակիցները Հանրապետութեան հրապարակին մէջ այրեցին Թուրքիոյ ու Ատրպէյճանի դրօշները, ապա «Պայքար, պայքար, պայքար» վանկարկումներով շարժեցան դէպի Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիր:
Երթի առջեւէն կը քալէր հոգեւոր դասը խաչի առաջնորդութեամբ: Մասնակիցները իրենց հետ կը տանէին այն երկիրներուն դրօշները, որոնք ճանչցած են Հայոց Ցեղասպանութիւնը:
Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիրին մէջ անոնք մէկ վայրկեան լռութեամբ յարգանքի տուրք մատուցեցին Հայոց Ցեղասպանութեան աւելի քան 1,5 միլիոն զոհերու յիշատակին: Անմար կրակին մօտ կիսով բարձրացուեցան Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչցած երկիրներու դրօշները: Երթի մասնակիցները ծաղիկներ զետեղեցին անմար կրակին շուրջ, տեղի ունեցաւ հոգեհանգստեան կարգ: