Լոյս տեսած է «Վէմ» համահայկական հանդէսի 2023_ի առաջին թիւը, որուն Խմբագրականը ներկայիս Հայաստանի շուրջը ծաւալող բուռն զարգացումներու հիմնական դերակատարներուն՝ համաշխարհային ու տարածաշրջանային ուժերու մրցակցութեան խորքը թափանցելու եւ անոր հետեւանքով մեզ սպասող մարտահրաւէրները գնահատելու անկողմնակալ փորձ է։

«Վէմ» հանդէսը չէր կրնար շրջանցել Արեւմտահայերու Ազգային Սահմանադրութեան վաւերացման 160-ամեակը, որուն առթիւ մեր անխոնջ ուսումնասիրող Արարատ Մ. Յակոբեան համակողմանի քննութեամբ ներկայացուցած պետականութեան գաղափարի հոլովոյթը արեւմտահայ իրականութեան մէջ՝ Ազգային Սահմանադրութեան ընդունումէն մինչեւ Մեծ Եղեռն։

Մէկ այլ ուսումնասիրողին՝ Դաւիթ Վ. Գասպարեանի չարենցագիտական երկարամեայ պրպտումներու արդիւնքն ու իւրայատուկ ամփոփումն է «Եղիշէ Չարենցը Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան Տարիներուն» ուսումնասիրութիւնը, որ նոր ծալքեր բացայայտած է 1917-1920_ին մեծ բանաստեղծի քաղաքական ու գեղագիտական նախապատուութիւններուն, ինչպէս նաեւ անոր անձնական կեանքի մանրամասնութիւններուն մէջ։

Պերլինի 7_9 Մայիս 2023_ին միջազգային ցուցահանդէս-տօնավաճառի կազմակերպիչներուն՝ հայկական պատուիրակութիւնը գրաքննութեան ենթարկելու եւ Արցախի մասին պատմող ցուցանմուշներոը ցուցադրութիւնը բացառելու փորձին հակազդած են «Վէմ»-ի խմբագրակազմի անդամներ Թեսա Հոֆմանն ու Եուրկեն Կիսփըրտը, որոնց ուշագրաւ գիտական արձագանգումները՝ գերմաներէն բնագիրերով ու հայերէն թարգմանութեամբ, տեղ գտած են մեր հանդէսի 2023_ի առաջին համարին մէջ։

Տպագրուած է նաեւ Երուանդ Փամբուկեանի «ՀՅ Դաշնակցութեան Ծածկանուններու Բառարանը» («¬Վէմ» մատենաշար, թիւ 5), որուն մասին լրացուցիչ ծանուցում պիտի կատարուի յառաջիկայ օրերուն։