Ազգ. Քարէն Եփփէ Ճեմարանի Հայաստանի Շրջ. Միութեան կազմաւորման եւ հիմնադրութեան անդրանիկ հանդիպումը տեղի ունեցաւ Կիրակի, 14 Մայիս 2023-ին, «Արամ Մանուկեան» կեդրոնէն ներս։ Ժողովին կը մասնակցէին Ճեմարանի նախկին ուսուցիչներ, քահանայ հայրեր, խնամակալութեան նախկին անդամներ եւ տարբեր սերունդներէ Հայաստան հաստատուած ճեմարանականներ։
Ներկաները իրենց սրտի խօսքերուն ընդմէջէն յոյժ գնահատելի գտան այս ծրագիրին իրականացումը: Սրտագին բաղձանք մըն էր Հայրենիքի մէջ հաստատուած բազմաթիւ ճեմարանականներու համար՝ կազմել Շրջանաւարտից Միութիւն, որուն հիմնական նպատակը պիտի ըլլայ մէկտեղել ճեմարանականները եւ անոնց կարելիութիւնը ի սպաս դնել ճեմարանի եւ ճեմարանականներուն օժանդակութեան։

Ապա ժողովը առաջարկներ ներկայացուց եւ կարծիքներ փոխանակուեցան այս առաքելութեան հեզասահ ընթացքին գծով։

Ժողովի աւարտին յայտարարուեցաւ նշանակուած Ազգ. Քարէն Եփփէ Ճեմարանի Շրջ.Միութեան Հայաստանի Անդրանիկ կազմը հետեւեալ պատկերով.
Ռաֆֆի Աւետիսեան (ատենապետ)
Ժիրայր Կարապետեան (ատենադպիր)
Արամ Լէպլէպճեան (գանձապահ)
Կարօ Իւզպաշեան
Մարի Մերտխանեան
Խաչիկ Ճոզիկեան
Համբիկ Ճապաղջուրեան
Էլենա Աւագեան
Սեւակ Սիւլահեան
Սամիկ Պարիխան։