Ուրբաթ, 19 Մայիս 2023-ի միջօրէին, Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար Սրբ. Եպս. Աշգարեան հովուական այցելութեամբ ժամանեց Գամիշլի, ուր տեղւոյն օդակայանէն ներս ջերմապէս դիմաւորուեցաւ Ճեզիրէի Առաջնորդական Փոխանորդ Հոգշ. Տ. Լեւոն Վրդ. Եղիայեանի, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Կիրակնօրեայ Դպրոցներու տնօրէն Հոգշ. Տ. Արմէն Աբղ. Գալաճեանի, Արժ. Տ. Պսակ քհնյ. Պէրպէրեանի, Թեմի Յարաբերական մարմինի ներկայացուցիչ Խաչիկ Մելքոնեանի, Գամիշլիի թաղական խորհուրդի ատենապետ Վարդան Մուրատեանի եւ թաղականութեան անդամներու: Սրբազան Հայրը ջերմեռանդութեամբ դիմաւորուեցաւ նաեւ Օդակայանի զինուորական պատասխանատու Ահմատի եւ օդակայանի տնօրէնուհի Լարայի կողմէ, որոնց հետ պատուոյ սրահէն ներս մտերմիկ հանդիպում ունեցաւ, ներկայութեամբ՝ Սուրիոյ Խորհրդարանի անդամներու, եւ Բերիոյ Հայոց Թեմի ժողովուրդին եւ ժողովականութեան ջերմ ողջոյնները փոխանցեց անոնց:

Սրբազան Հօր ընկերակցող պատուիրակութեան մաս կը կազմէին Ազգ. Վարչութեան անդամ Գուրգէն Գալուստեան եւ Կրօնական Ժողովի անդամ Արժ. Տ. Գառնիկ Քհնյ. Չափանեան:

Սրբազան Հայրը հովուական այցելութեամբ, մէկ շաբթուան ընթացքին պիտի այցելէ Ճեզիրէի բոլոր շրջանները եւ մեր ժողովուրդի զաւակներուն հետ ըլլալով՝ իր հայրական յորդորներն ու օրհնութիւնները պիտի փոխանցէ անոնց: