Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար Սրբ. Եպս. Աշգարեանի օրհնութեամբ, անցնող շաբաթներուն, Բերիոյ Հայոց Թեմի երկրաշարժի արտակարգ իրավիճակի մարմինը, երկրաշարժին հետեւանքով բնակարաններուն կրած վնասները սերտելով՝ ընթացք տուաւ բնակարաններու վերանորոգութեան աշխատանքին։