Հայաստանի եւ Արցախի հանրապետութիւններու աւելի քան երեք տասնեակ քաղաքական ուժեր եւ կուսակցութիւններ Հինգշաբթի, 19 Մայիսին հրապարակեցին հետեւեալ յայտարարութիւնը.

Պրիւքսէլեան վերջին հանդիպումի աւարտին յայտարարուած արդիւնքները, ինչպէս նաեւ Ռեյքիավիքի մէջ Ն. Փաշինեանի կողմէն արծարծուած մօտեցումները խոր մտահոգութիւն յառաջացուցած են հայ ժողովուրդին մօտ:
Աշխարհաքաղաքական ստեղծուած իրավիճակին հայ-ատրպէյճանական բանակցութիւններու արհեստական արագացումը, ճնշումներու եւ սպառնալիքներու տակ թէ՛ ձեւով, թէ՛ բովանդակութեամբ չի բխիր հայ ժողովուրդի շահերէն:
Այսպէս.
1. Որեւէ բանակցային բովանդակութիւն, ըստ որուն Հայաստանի իշխանութիւնները պիտի համաձայնին որ Արցախը ըլլայ Ատրպէյճանի կազմին մէջ՝ անտեսելով ինքնորոշման իրաւունքը, զուրկ է օրինական հիմքէ, քանզի կը հակասէ՝
· ՄԱԿ-ի կանոնադրութեան,
· Հելսինքեան եզրափակիչ շարժումին,
· Արցախեան բանակցութիւններու միջազգայնօրէն ճանչցուած միակ ձեւաչափին՝ ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի համանախագահներու կողմէն, բանակցութիւններու ընթացքին ընդունուած փաստաթուղթերուն,
· Հայաստանի Հանրապետութեան Սահմանադրութեան եւ օրէնսդրութեան,
· Արցախի Հանրապետութեան Սահմանադրութեան:
2. Նիկոլ Փաշինեան իրաւասու չէ եւ որեւէ լիազօրութիւն չունի Արցախեան բանակցութիւններուն եւ հայ-ատրպէյճանական կարգաւորման շուրջ նման պայմանաւորուածութիւններ ձեռք բերելու եւ խոստումներ տալու, առաւել եւս, որ վերջին խորհրդարանական ընտրութիւններու ընթացքին իր տուած խոստումներն ու կառավարութեան ծրագիրը Արցախեան հակամարտութեան եւ հայ-ատրպէյճանական կարգաւորումներու հետ առնչուած կը պարունակեն բոլորովին այլ դրոյթներ, քան արծարծուին միջազգային ձեւաչափով տարբեր հանդիպումներու ընթացքին եւ որեւէ ամպիոնէ պաշտօնական դիրքորոշում յայտնելու ատեն:
3. Պէտք է բացառել որեւէ արտերկրային համաձայնութիւն որեւէ տիպի հաղորդակցում Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքով։
4. Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Արցախի Հանրապետութեան ինքնիշխան տարածքներէն անյապաղօրէն պէտք է դուրս բերուին ատրպէյճանական զօրքերը:
5. 9 Նոյեմբեր 2020_ի յայտարարութենէն վերջ հայ ռազմագերիներու գտնուիլը ատրպէյճանական կալանավայրերուն մէջ եռակողմ յայտարարութեան կոպտագոյն խախտում է, եւ անոնց ազատ արձակումը հրամայական է, այլ ոչ՝ բանակցութիւններու առարկայ:
6. Պաքուի եւ Ստեփանակերտի միջեւ որեւէ կարելի երկխօսութիւն պէտք է իրականացնել միջազգայնօրէն ճանչցուած ձեւաչափով եւ յստակ երաշխիքներով՝ հիմնուած կողմերու իրաւահաւասարութեան վրայ, սահմանափակուած չըլլալով որեւէ պարտադրուած օրակարգով: Որեւէ այլ ձեւաչափ Արցախի ժողովուրդին համար անընդունելի է:
7. Սահմանագծումի եւ սահմանազտումի գործընթացները պէտք է ամրագրեն առաջին Արցախեան պատերազմի հետեւանքով տեղի ունեցած փոխադարձ ապաանքլաւայնացումը և պէտք է բացառել վերադարձ անքլաւներուն:
8. Միջազգային հանրութեան գերակայ պարտաւորութիւնն ու առաքելութիւնը հայ-ատրպէյճանական կարգաւորման հարցում պէտք է ըլլայ հրադադարի պահպանման երաշխաւորումը, ուժի կամ ուժի սպառնալիքի կիրառման բացառումը, միջազգայնօրէն ընդունուած ձեւաչափի գործարկումը, որպէս բանակցային հարթակ եւ միջազգային իրաւունքին համահունչ լուծումներու առաջարկումը:
9. Անյապաղօրէն պէտք է ապահովել Բերձորի /Լաչինի/ միջանցքի ապաշրջապակումը եւ անոր լիարժէք վերագործարկումը 9 Նոյեմբեր 2020_ի յայտարարութեամբ ամրագրուած պայմաններուն համապատասխան:
Մենք՝ ներքոյ ստորագրեալներս, կը յայտարարենք, որ որեւէ բանակցային արդիւնք, որ պիտի հակասէ այս դրոյթներուն, անընդունելի է ու չ’արտացոլեր աշխարհասփիւռ հայութեան շահերը եւ Նիկոլ Փաշինեան կամ որեւէ այլ քաղաքական գործիչ իրաւասու չէ բանաւոր կամ գրաւոր խոստումներ տալ կամ պարտաւորութիւններ ստանձնել այս օրակարգէն տարբերող օրակարգով: