Սոթքի ուղղութեամբ 17 Մայիսին Ատրպէյճանի զինեալ ուժերու ստորաբաժանումներու կրակոցին հետեւանքով նահատակուած է զինուոր Էտկար Վահանի Սուլէյմանեանը (ծնեալ` 2003-ի): «Արմէնփրէս»-ին այս մասին տեղեկացուցած են Հայաստանի Պաշտպանութեան Նախարարութենէն:

Հայաստանի Հանրապետութեան Պաշտպանութեան Նախարարութիւնը վշտակցելով զօրակցութիւն յայտնած է նահատակուած զինուորի ընտանիքի անդամներուն, հարազատներուն եւ ծառայակիցներուն:

Ատրպէյճանի զինեալ ուժերու ստորաբաժանումները 17 Մայիսի ժամը 16:15-ի սահմաններուն մէջ կրակ բացած էին Սոթքի ուղղութեամբ տեղակայուած հայկական դիրքին վրայ, այդ պատճառով ալ մահացու վիրաւորում ստացած էր Հայաստանի Հանրապետութեան Պաշտպանութեան Նախարարութեան զինուորը:

Ատրպէյճանի զինեալ ուժերու ստորաբաժանումները այնուհետեւ կրակ բացած էին նաեւ վիրաւոր զինուորը տեղափոխող շտապօգնութեան մեքենային վրայ, որուն հետեւանքով վիրաւորուած էր նաեւ բժշկողը: