Շաբաթ, 20 Մայիս 2023-ի երեկոյեան, Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար Սրբ. Եպս. Աշգարեան Գամիշլիի մէջ պատուիրակութեամբ այցելեց Հայ Կաթողիկէ համայնքի Ճեզիրէի Առաջնորդ Արհի. Տ. Անդրանիկ Եպս. Այվազեանին, Հայ Կաթողիկէ համայնքի Ս. Յովսէփ աթոռանիստ եկեղեցւոյ մէջ:

Սրբազան Հայրը եւ իրեն ընկերակցող պատուիրակութիւնը եկեղեցւոյ մուտքին ջերմապէս դիմաւորուեցան Հայ Կաթողիկէ համայնքի Ճեզիրէի Առաջնորդին եւ ժողովուրդին կողմէ: Երկու Առաջնորդները եղբայրական ջերմ սիրով ողջագուրուեցան, որմէ ետք շուրջառ եւ խաչ գաւազան տրուեցաւ Մակար Սրբազանին: «Հրաշափառ» շարականի երգեցողութեամբ Սրբազան Հայրը մուտք գործեց եկեղեցի, ուր բարի գալուստի ողջոյններով ընդունելութիւն եւ աղօթք կատարուեցաւ:

Արհի. Տ. Անդրանիկ Եպս. Այվազեան խօսք արտասանելով, Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդին այցելութիւնը օրհնութիւն, քաջալերանք եւ մեծ յոյս համարեց, գալիք բարօր օրերու հեռանկարով։
Անդրանիկ եպիսկոպոս անդրադարձաւ երկու եկեղեցիներու սերտ գործակցութեան, յայտնելով, որ երկու եկեղեցիները մէկ են իրենց հաւատքով եւ ծիսակատարութեամբ եւ գոյութիւն ունեցող տարբերութիւնները կու գան հարստացնելու Հայ Եկեղեցին։ Ան երախտագիտութիւն յայտնեց Սուրիոյ ասպնջական ժողովուրդին եւ յայտնեց, թէ Սուրիոյ ժողովուրդը իսլամ-քրիստոնեայ սերտ գոյակցութեամբ միասնական է եւ այդպիսով օրինակ կը հանդիսանայ ողջ աշխարհին։ Անդրանիկ Եպիսկոպոս անդրադարձաւ սուրբերու եւ ապրիլեան սրբոց նահատակաց մասունքներով կատարուած արարողութեան, յայտնելով, որ մասունքները մեզ զգաստութեան կը հրաւիրեն մեր նախահայրերուն հաւատքը պահելու եւ հայ դատի պահանջատիրական երթը շարունակելու։ Ան Սրբազան Հօր մաղթեց առաւել ոյժ, կորով եւ քաջառողջութիւն յառաջ տանելու իր հովուական ծառայութիւնը:

Ապա, եկեղեցւոյ դահլիճէն ներս եղբայրական ընդունելութիւն կատարուեցաւ, ներկայութեամբ՝ Ս. Յովսէփ եղբայրակցութեան երիտասարդներուն եւ հաւատացեալ ժողովուրդին:
Հայ Կաթողիկէ Համայնքի Ճեզիրէի Առաջնորդը Տէր Զօրէն բերուած յուշանուէր մը նուիրեց Մակար Սրբազանին:

Սրբազան Հայրը, իր կարգին, եղբայրական սիրով ողջունեց Արհի. Տ. Անդրանիկ Եպս. Այվազեանը, իր երախտագիտութիւնն ու շնորհակալութիւնը յայտնեց այնքան ջերմ սիրոյ ընդունելութեան եւ իր սրտագին ու անկեղծ խօսքերուն համար եւ իր կարգին մեծապէս դրուատեց Արհի. Եպիսկոպոսին գործունէութիւնը, աշխատանքը, վաստակը, որ տարած է ամբողջ Սուրիոյ տարածքին, մանաւանդ հայ ժողովուրդին ի նպաստ:
Սրբազան Հայրը իր երախտագիտութիւնը յայտնեց Սուրիոյ պետականութեան, վսեմաշուք Նախագահ տոքթ. Պաշշար ալ-Ասատին եւ սուրիական բանակին: Ան անցնող օրուան Նախագահին ունեցած ելոյթին գծով իր պարծանքը յայտնեց, ըսելով, որ Նախագահը իմաստութեամբ ամբողջ աշխարհի ղեկավարներուն յարգանքը շահեցաւ, ինչ որ մեզի համար մեծ պատիւ եւ ուրախութիւն է: Սրբազան Հայրը յոյս յայտնեց ըսելով, որ մնայուն աղօթող ենք բոլորին համար եւ յոյսով ենք, որ Սուրիան կրկին պիտի վերատիրանայ իր նախկին փառքին, խաղաղութիւն պիտի տիրէ եւ ժողովուրդը պիտի վայելէ այդ բարօրութիւնը, որ իր բնական իրաւունքն է:
Առաջնորդ Սրբազան Հայրը իր ուրախութիւնն ու գոհունակութիւնը յայտնեց այս այցելութեան առիթով, որովհետեւ երկար տարիներ ետք առաջին Առաջնորդը ըլլալով այցելութիւն կու տայ Հայ Կաթողիկէ համայնքի Ս. Յովսէփ աթոռանիստ եկեղեցի եւ այնքան ջերմ սիրով եւ ընդունելութեամբ կ’ընդունուի: Ան աղօթք բարձրացուց, որ Աստուած օրհէ բոլոր եկեղեցիները, մեր ժողովուրդը, Արհիապատիւ Եպիսկոպոսին հովանիին տակ գտնուող եւ իր հոգատարութեան յանձնուած հօտը, հաւատացեալները, առողջութիւն եւ երկար կեանք տայ Սրբազան Հօր, ինչպէս նաեւ ոյժ եւ կորով, որպէսզի առաւել եռանդով շարունակէ իր ծառայութիւնը:

Այցելութեան առիթով, Մակար Սրբազան Վանի ձեռագործ խաչ մը նուիրեց Արհի. Տ. Անդրանիկ Եպս. Այվազեանին, որպէս սիրոյ եւ եղբայրութեան նշան, աղօթելով, որ այնպէս ինչպէս առաջին իսկ պահուն, երբ Ս. Խորանին առջեւ ծունկի եկած խաչին զօրութեան առջեւ ուխտեց ծառայել եկեղեցւոյ եւ ժողովուրդին, նոյն խաչը պաշտպան ըլլայ, աւելիով զօրացնէ զինք եւ իր քայլերը առաջնորդէ անսայթաք կերպով, որպէսզի իր ծառայութիւնը մատուցէ եկեղեցւոյ ճամբով ժողովուրդին եւ բոլորին։