ԱՄԺ Տան «Դալար Այգեստան»-ը նոր անակնկալով մը կը ներկայանայ իր յարգոյ յաճախորդներուն։

Այգեստանի բարեզարդումէն ետք, ԱՄԺ Տան Տնօրէնութիւնը այս անգամ հետամուտ եղաւ ընտանեկան այս ճաշարան այցելողներուն յիշատակելի լուսանկարի անկիւն մըն ալ պատրաստելու եւ «Դալար Այգեստան»-ի մուտքը գեղեցկացնելու ծաղկաւէտ թաղարներով։

Այսպիսով բարեզարդումը իր լրումին հասաւ։
Ճաշարանը դարձած է իսկական այգեստան մը, որ Երեքշաբթի, 23 Մայիսին արդէն իսկ իր դռները կը բանայ յարգոյ յաճախորդներուն դիմաց։

Հրաւիրուած էք վայելելու «Դալար Այգեստան»-ի համադամ ճաշերը՝ բուրումնաւէտ եւ գունագեղ ծաղիկներով հարստացած ընտանեկան ջերմ մթնոլորտին ներքեւ։

Ձեզմով պիտի ամբողջանայ այգեստանի ջերմութիւնը՝ ամրան զով գիշերներուն։

ԱՄԺ Տան Տնօրէնութիւն եւ Խնամակալութիւն