Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան այսօր, մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտարարեց, որ Հայաստան պատրաստ է ճանչնալու Ատրպէյճանի 86, 6 քառ. քմ. տարածքային ամբողջականութիւնը, որ կը ներառէ նաեւ Լեռնային Ղարաբաղը, սակայն Լեռնային Ղարաբաղի հայութեան իրաւունքներու, անվտանգութեան հարցը պէտք է քննարկուի Պաքու-Ստեփանակերտ երկխօսութեամբ:

«86,6 հազար քառ. քմ.-ը կը ներառէ նաեւ Լեռնային Ղարաբաղը: Բայց նաեւ պէտք է արձանագրել, թէ մենք կ՚ըսենք, որ Լեռնային Ղարաբաղի հայութեան իրաւունքներու եւ անվտանգութեան հարցը պէտք է քննարկուի Բաքու-Ստեփանակերտ ձեւաչափով», ըսաւ Փաշինեան:

Անդրադառնալով գործող կառավարութեան դիրքորոշումին՝ վարչապետը ըսաւ, որ ՀՀ-ի այսօրուան կառավարութիւնը ինչ ըսէ-չըսէ, ՀՀ բոլոր կառավարութիւնները ճանչցած են Ատրպէյճանի տարածքային ամբողջականութիւնը:

«Ատրպէյճանի 86, 6 հազար քառ. քմ. տարածքային ամբողջականութիւնը Հայաստան պատրաստ է ճանչնալ: Եւ մեր ընկալումով՝ Ատրպէյճան պատրաստ է ճանչնալու Հայաստանի Հանրապետութեան 29, 800 քառ. քմ. տարածքային ամբողջականութիւնը: Եթէ մենք այս հարցին մէջ Ատրպէյճանի հետ ճիշդ կը հասկնանք զիրար, Հայաստան, այո, կը ճանչնայ Ատրպէյճանի 86, 6 հազար քառ. քմ. տարածքային ամբողջականութիւնը՝ այն ըմբռնումով, որ Ատրպէյճան կը ճանչնայ Հայաստանի 29, 800 քառ. քմ. տարածքը», ըսած է Փաշինեան:

Լեռնային Ղարաբաղի հայութեան իրաւունքներու եւ անվտանգութեան հարցը պէտք է քննարկուի Ստեփանակերտ-Պաքու երկխօսութեան ձեւաչափի մէջ: Վարչապետը շեշտեց՝ հայկական կողմը կարեւոր կը համարէ այդ բանակցութիւններու միջազգային երաշխիքներուն ստեղծումը: «Նկատի ունինք, օրինակ, որ կրնայ Լեռնային Ղարաբաղի հայութեան իրաւունքներու և անվտանգութեան հարցը ուղղակի մոռացութեան մատնուիլ, եւ Ատրպէյճան շարունակէ ուժային լծակի գործադրումով Լեռնային Ղարաբաղի հայութեան ցեղային զտման եւ ցեղասպանութեան քաղաքականութիւնը», ըսաւ Փաշինեան՝ շեշտելով, որ կարեւոր կը համարեն երաշխիքները, որ այդ քաղաքականութիւնը պիտի չշարունակուի:

Անդրադառնալով հարցին, թէ արդեօ՞ք տարածքային ամբողջականութիւնը կը ներառէ՞ անքլաւները՝ վարչապետը դրական պատասխան տուաւ: 29, 800 քառ. քմ.-ի մէջ անքլաւները նոյնպէս կը մտնեն, անոր մէջ կը մտնեն նաեւ Արծուաշէնը: 86, 600-ի մէջ այդ հաշուարկներով կը մտնեն նաև անքլաւները: «Սա քաղաքական դիրքորոշում է, բայց հարցի իրաւական մասը դեռ պէտք է դիտարկուի ու նայուի», ըսաւ Փաշինեան:

Ապա աւելցուց՝ սահմանագիծի հետ կապուած յստակ կ՚ըսէ, թէ, օրինակ, ինչ տարբերակներ կան, թէ անքլաւներու հետ կապուած քանի՞ տարբերակ կայ: