Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի 22 Մայիսին կատարած մամլոյ ասուլիսին կատարած յայտարարութեամբ ան վերահաստատած է իր պատրաստակամութիւնը՝ Արցախը ներառելու Ատրպէյճանի կազմին մէջ, խիստ վրդովմունք ու զայրոյթ յառաջացուցած է Արցախի Հանրապետութեան մէջ։ Նիկոլ Փաշինեան, փաստօրէն, իր այդ յանձնառութեամբ կոպտօրէն խախտած է Հայաստանի Հանրապետութեան Անկախութեան հռչակագիրին եւ Սահամանադրութեան ամրագրումները Արցախի մասին, առանձնապէս, Հայաստանի Հանրապետութեան Գերագոյն խորհուրդի 8 Յուլիս 1992_ի որոշման հրամայական հիմնադրոյթը առ այն, որ «Հայաստանի Հանրապետութեան համար անընդունելի համարել միջազգային կամ ներպետական որեւէ փաստաթուղթ, ուր Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութինը նշված կ’ըլլայ Ատրպէյճանի կազմին մէջ»։

Անգամ մը եւս կը վերահաստատենք, որ Արցախի կարգավիճակը արդէն իսկ որոշուած է 10 Դեկտեմբեր 1991_ի համաժողովրդական կամարտայայտութեամբ եւ որեւէ իշխանութիւն իրաւասու չէ անիկա բեկանելու։

Մեզի համար անընդունելի եւ առ ոչինչ են Արցախի Հանրապետութեան ինքնիշխանութիւնը, մեր ժողովուրդի ինքնորոշման իրաւունքը եւ զայն իւրացման փաստը անտեսող Նիկոլ Փաշինեանի որեւէ յայտարարութիւն եւ անոր հիման վրայ կազմուած որեւէ փաստաթուղթ։ Արցախը երբեք պիտի չի հրաժարի իր պայքարի անշեղ ուղիէն։

Խորապէս անհանգստացած առկայ վտանգաւոր իրողութեամբ՝ Արցախի Հանրապետութեան Ազգային Ժողովը կոչ կ’ուղղէ համայն հայութեան թոյլ չտալ ՀՀ օրուան իշխանութիւններու կողմէն հայոց հայրենիքին մէկ մասը՝ Արցախի Հանրապետութիւնը եւ ՀՀ ինքնիշխան տարածքները, անկլաւներու անուան տակ Ատրպէյճանը զիջելուն ուղղուած աղէտալի քայլերը, որ անխուսափելիօրէն պիտի հանգեցնէ հայկական պետականութեան կորուստին։

Միաժամանակ կը դիմենք ՀՀ եւ ԱՀ նախկին ու գործող նախագահներուն՝ կոչ ուղղելով դատապարտելու Նիկոլ Փաշինեանի 22 Մայիս 2023-ին կատարած յայտարարութիւնները։ Այլապէս, ձեր լռութիւնը կը դիտարկենք որպէս Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետի հետ համաձայնութեան նշան։

22 Մայիսի 2023
ք. Ստեփանակերտ